2015-02-18 09:58:46

Իրաքի Քաղդէացիներու Պատրիարք` Լուիս Սաքոյի Քառասնորդաց շրջանի պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի Քաղդէացիներու համայնքի Պատրիարք Գերերջանիկ Լուիս Սագօ, երեքշաբթի, 17 Յունուարին, հրատարակեց Քառասնորդաց շրջանի պատգամը որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ համայն աշխարհին Իրաքի խաղաղութեան ու ազգային միասնականութեան ի խնդիր, ընդգծելով, թէ Քառասնորդաց շրջանը ժամանակն է աղօթելու եւ խոկալու։ Պատրիարքը պատգամին մէջ նաեւ մաղթանք կը յայտնէ, որպէսզի Իրաքի եւ Միջին արեւելքի մէջ կարճ ժամանակամիջոցին տիրէ խաղաղութիւն եւ քաղաքական կայունութիւն, ինչպէս նաեւ արժանավայել կեանքի հնարաւորութիւն՝ որովհետեւ երկրին մէջ կը դիմագրաւուին դժնդակ պահեր, յատկապէս տեղահան եղած ընտանիքներու կողմէ։
Պատրիարքը էական կը նկատէ եղբայրակցութեան, համագործակցութեան եւ համակեցութեան բարգաւաճումը՝ կառուցելով բարի յարաբերութիւններ բոլորին հետ առաջնահերթ կարգին զետեղելով ներողամտութիւնը, համերաշխութիւնը, հասարակաց բարիքը՝ հեռու բախումներէ։ Ան ապա կը շեշտէ թէ Քառասնորդաց ժամանակաշրջանին հրամայական է զօրակցութիւն ցուցաբերել արժանիքներու ու բարոյական գաղափարականներու նկատմամբ՝ ինչպէս պարկեշտութիւն, զոհաբերութիւնը եւ օժանդակութիւնը մերձաւորին հանդէպ՝ միասնականութեամբ, ազգի սիրոյն եւ անոր միութեան հզօրացման ի խնդիր։
Պատրիարքը իր պատգամը կ՛եզրափակէ յարելով թէ հնարաւոր է ամրապնդել քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Իրաքի եւ մերձաւոր արեւելքէն ներսորովհետեւ այնտեղ գտնուող քրիստոնեաները յոյսի վկաներն են եւ անոնք պէտք չէ զիջին եւ պէտք է կարենան վերանորոգել իրենց ապագայի վրայ դրած յոյսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.